Աղոթքներ
Առավոտյան աղոթք
Երեկոյան աղոթք
Վարդարան
Երանելի Իգնատիոս Մալոյան
Աստուած իմ, Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, խոնարհաբար կը պաշտեմ ու կ՛օրհնեմ Քեզ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քեզի, բոլոր բարիքներուդ համար որ ըրիր ինծի,մանաւանդ այս գիշեր զիս ամէն վտանգէ զերծ պահելուդ համար։ Քեզի կը նուիրեմ այս օրս, ինչպես նաեւ բոլոր գործերս, խօսքերս ու մտածումներս։ Կը նուիրեմ մանաւանդ պարտականութիւններս. օրհնէ զանոնք, Աստուած իմ։ Կը խնդրեմ Քեզմէ՝ ոյժ կամքիս եւ լոյս՝ մտքիս համար, որպեսզի ընեմ ինչ որ հաճելի է Քեզի եւ փախչիմ այն ամէն բաներէն որ կրնան Քեզ վշտացնել։ Դուն եղիր իմ օրինակս, որպէսզի Քեզի հետեւլով, ըլլամ ազնիւ ու քաղաքավար, աշխատասէր ու պարկեշտ, հնազանդ ու եղբայրասէր։ Ով Մայր իմ, Մարիամ, քեզի կը յանձնեմ ինքզինքս եւ իմ առաջադրութիւններս։ Օգնէ ինծի որ միշտ հաւատարիմ մնամ քու Որդւոյդ եւ քեզմէ ալ երբեք չհեռանամ։ Սուրբ Յովսէփ, պաշտպան սուրբս եւ պահապան հրեշտակս, աղօթեցեք ինծի համար. Ամէն։